2013-10-26 10:10:17

Հաստատուած է Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ 3 փաստաթուղթ


Աշխատանքային այցելութեամբ Պիելոռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 հոկտեմբերին Մինսքի մէջ մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նեղ կազմով` Հայաստանի, Խըրխզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն մասնակցութեամբ նիստին:
Նիստին ընթացքին, ի շարս այլ նիւթերու, քննարկումի ներկայացուած են Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիին Հայաստանի անդամակցութեան նախապատրաստութեան վերաբերեալ երեք փաստաթուղթ, որոնք հաստատուած են: Այդ փաստաթուղթերը հետեւեալներն են. Հայաստանի` Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիին միանալու մասին որոշման նախագիծը, Եւրասիական ընկերակցութեան գործընթացին Հայաստանի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ փոխգործակցութեան խորացման մասին յուշագիրը:
Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Իկոր Շուվալով յայտնեց, որ Հայաստան նշած է, թէ պատրաստ է ստանձնելու Մաքսային միութեան անդամակցելու համար անհրաժեշտ պարտականութիւնները: Ըստ Շուվալովի Հայաստանի անդամակցութեան նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբը դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայանալիք Եւրասիական տնտեսական գերագոյն խորհուրդի յաջորդ նիստին պիտի ներկայացնէ Հայաստանի անդամակցութեան ճամբու քարտէսը: Ան հաստատած է, որ երբ որ Հայաստան ունենայ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, պիտի դառնայ Մաքսային միութեան անդամ:
Համագործակցութեան մասնակից պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են նաեւ տարբեր ոլորտներ ներառող 14 հարցեր, որոնք կը վերաբերէին առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման հեռանկարներուն, իրաւապահպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան, մշակութային-մարդասիրական կապերու հետագայ զարգացման:
Քննարկուած հարցերուն կարգին էին 2014-2016 թուականներուն ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան այլ բռնի դրսեւորումներուն դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան, թմրեցուցիչի անօրինական շրջանառութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան եւ 2014-2018-ի թմրամոլութեան հակազդման վերաբերող ծրագիրները, որոնք հաստատուած են նիստի մասնակիցներուն կողմէ:
Նախագահները քննարկած եւ համաձայնութիւն տուած են նաեւ 2014-2018 թուականներուն յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ միացեալ միջպետական ծրագիրին, տուեալ ժամանակաշրջանին մարդոց առեւտուրի դէմ պայքարին մէջ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու համագործակցութեան մասին ծրագիրին:
Նիստին ընթացքին հաստատուած են փտածութեան հակազդելու միջպետական խորհուրդի ձեւաւորման մասին համաձայնագիրը եւ արհեստագիտութեամբ կիրարկուող յանցաւորութեան դէմ պայքարին մէջ համագործակցութեան վերաբերողը հայեցակարգը: Մարդասիրական համագործակցութեան ոլորտին մէջ քննարկուած են 1941-1945 թուականներու Հայրենական պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակը տօնելու նախապատրաստութեան վերաբերող հարցեր, որոշում տրուած է 2014-ին ԱՊՀ-ի մէջ զբօսաշրջութեան տարի յայտարարել եւ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաքներ միջպետական ծրագիրը իրականացնել:
Որոշուած է ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի յաջորդ նիստը գումարել Քիեւի մէջ: ԱՊՀ-ի նախագահութիւնը փոխանցուած է Ուքրանիոյ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մինսքի մէջ` միւս նախագահներուն հետ, մասնակցած է նաեւ Անկախութեան պալատի բակին մէջ կայացած պատուաւոր հիւրերու ծառուղիի հիմնադրութեան արարողութեան:
Պետութիւնները պարտաւոր չեն Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու
Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարտին Շուլց փոխանցեց, որ Եւրոպական միութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի մասնակից երկիրներուն չէ պարտադրուած ընտրութիւն կատարել Եւրոպական միութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ:
«Բոլոր երկիրները իրաւունք ունին ինքնուրոյն որոշում տալ այն մասին, թէ որուն հետ իրենք կ՛ուզեն առեւտրային պայմանագիրներ կնքել եւ տնտեսական ո՛ր դաշինքին կը փափաքին մաս կազմել: Խօսքը չի վերաբերիր Ռուսիոյ եւ Եւրոպական միութեան միջեւ ընտրութեան», ըսաւ Շոլց, որ վստահութիւն յայտնեց, որ Եւրոպական միութեան հետ տնտեսական եւ քաղաքական սերտ կապերը նոյնպէս պիտի բարելաւեն արեւելեան դրացիներու յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.